16/06/2026
Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Շրջանաւարտից Հանդէս
—————————
Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Ամավերջի հանդէսը:
Միաբանութիւնը դիմաւորուեցաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի օրհներգ «Սիրտ ի սիրտ» երգի հնչիւններու ներքոյ, ապա յոտնկայս երգուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը:
Հանդիսութեան ամբողջ ընթացքին Ժառանգաւորաց վարժարանի շրջանաւարտները հանդէս եկան իրենց աւարտական խօսքերով. Մկրտիչ Կրտիկաշեան՝ արաբերէն, Երուանդ Մկրտչեան՝ հայերէն, Գրիգոր Բաբայեան՝ եբրայերէն, Ժակ Մելքոնեան՝ անգլերէն, եւ Նարեկ Աւագեան՝ հայերէն։
Ընծայարանի շրջանաւարտներէն Բարեշնորհ Մուշեղ Սարկաւագ Սարգսեան՝ հայերէն, Տիրացու Հրանտ Բադալեան՝ անգլերէն, եւ Տիրացու Սպարտակ Նազարէթեան՝ հայերէն, նոյնպէս հանդէս եկան աւարտական խօսքերով։
Գեղարուեստական յայտագրի ծիրին մէջ ասմունքներով հանդէս եկան Ա. դասարանի աշակերտներ Ռաֆայէլ Սուքիասեան, Պետրոս Մխիթարեան եւ Էտուարտ Մարտիրոսեան (ուսուցիչ՝ Դոկտ. Անուշ Նագգաշեան)։ Գ. դասարանի աշակերտ Միքայէլ Ղազարեան ներկայացուց դաշնամուրի գեղեցիկ կատարում։ Շրջանաւարտներէն Տիրացու Հրանտ Բադալեան հանդէս եկաւ մեներգով, իսկ Ժառանգաւորաց վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց խմբերգեր՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Տիար Գէորգ Բադալեանի։
Հանդիսութեան աւարտին Վարժարանի տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան, նախ իր սրտի խօսքն ու հայրական խրատը փոխանցեց շրջանաւարտներուն, ապա ներկայացուց Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան տեղեկագիրը։
Ապա ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ Ընծայարանին օժանդակող անձերուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Այս առիթով, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Ժառանգաւոր սաները ծաղիկներ յանձնեցին ուսուցչուհիներուն եւ մայրիկներուն։
Այնուհետեւ, բարձր գնահատելով անգլերէնի ուսուցչուհի Տիկին Անահիտ Աւագեանի տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, Հայր Գէորգը, տեսչութեան անունով, յուշանուէր մը յանձնեց անոր եւ մաղթեց առատ յաջողութիւն կեանքի նոր հանգրուանին եւ յետագայ գործունէութեան մէջ, քանի որ Տիկին Անահիտ, իր իսկ փափաքով, պիտի վերադառնայ հայրենիք։
Իր խօսքի աւարտին տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց բարի երթ մաղթեց։ Ապա հրաւիրեց Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը, որպէսզի յանձնէ շրջանաւարտներու վկայականները, ինչպէս նաեւ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի առաջադէմ սաներուն նախատեսուած մրցանակները։
Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումէն ետք Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց անոնց։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս օրհներգով, «Պահպանիչ»-ով եւ «Հայր մեր»-ով, որմէ ետք ներկաները պատուուեցան սիրալիր հիւրասիրութեամբ։
Ընծայարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներն էին.
Բարեշնորհ Մուշեղ Սարկաւագ Սարգսեան
Տիրացու Հրանտ Բադալեան
Տիրացու Սպարտակ Նազարէթեան
Ժառանգաւորաց վարժարանի 2025–2026 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներն էին.
Գրիգոր Բաբայեան
Երուանդ Մկրտչեան
Ժակ Մելքոնեան
Մկրտիչ Կրտիկաշեան
Նարեկ Աւագեան